ԶԵԿՈՅՑ

Kategori: Կարճ լուրեր,Փաստաթուղթեր

Իսթանպուլի Մեծայարգ Կուսակալ Վասիբ Շահինէ ստացուած ժամադրութեան համաձայն Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլու, Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմնի Ատենապետ՝ Սարգիս Քիւլէկէչ, 24 Հոկտեմբեր 2017, Երեքշաբթի, Կուսակալութեան պաշտօնարան ներկայացան։

Մեծայարգ Կուսակալը, Պատրիարքական ընտրութեան կապակցութեամբ վերջին զարգացումներու մասին գաղափարի փոխանակում ունեցաւ, տեղեկութիւններ ստացաւ եւ Պետութեան զգայնութիւնները ընդգծելով լուսաբանող թելադրութիւններ ըրաւ։

Մեծայարգ Կուսակալը յայտնեց թէ ընտրութեանց կապակցութեամբ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի եւ տնօրինեց համայնքին հաղորդել որ այդ ուղղութեամբ մտահոգուելու կարիք չկայ։