ԶԵԿՈՅՑ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

ԶԵԿՈՅՑ

 

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհրդոյ ատենապետ Յարութիւն Շանլը յայտարարելով ատենապետութեան պաշտօնէն իր հրաժարումը, գրաւոր արձանագրած է զայն եւ իբրեւ պատճառ այս որոշման, որպէս Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ ցոյց տուած է իմ անձս։ Խնդրոյ առարկայ հարցը Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովուին այլ եկեղեցի մը նշանակումն է, որ իբրեւ Փոխանորդ կը գտնուի իմ իրաւասութեան սահմաններուն մէջ։ Հոգեւորականաց տեղափոխութեան ու նշանակման հարցը որպէս Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ լիիրաւ իշխանութեամբ կը պատկանի իմ անձիս։

 

Այս հանգրուանին է, որ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհրդոյ ատենապետը ձեռնարկած է միջամտել գործընթացին։ Մինչդեռ, Վագըֆներ աշխարհիկ (սիվիլ) հաստատութիւններ են եւ ըստ իրենց կարգավիճակին պարտին զերծ մնալ հոգեւոր գործընթացէն։ Վագըֆներ ենթակայ են Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան ըստ պատկան օրինաց եւ կանոնակարգաց։

 

Հոգեւոր հաստատութիւններ իրենց գործընթացին մէջ չեն խորհրդակցիր սիվիլ հաստատութեանց հետ, այլ՝ կը գործածեն իրենց իրաւասութիւնները։ Բաց աստի, երբեք խնդրոյ առարկայ չի դառնար ոեւէ անձի կամ որեւէ հաստատութեան հետ սակարկութիւն կատարել։ Իբրեւ Պատրիարքական Աթոռ, մեր մտահոգութիւնն է մտածել մեր եկեղեցւոյ ու համայնքին հոգեւոր կարիքներն ու խաղաղ համայնքային կեանքը։ Նկատի ունենալով այս բոլորը, որպէս մեր համայնքին վերին հոգեւոր իշխանութիւնը եւ գլուխը մեր եկեղեցւոյ, խնդրոյ առարկայ իսկ չէ որեւէ սակարկութիւն կատարել յատկապէս այն անձերուն հետ, որոնք իշխանութիւն չունին հոգեւոր գետնի վրայ, նամանաւանդ նիւթի մը շուրջ, որ զուտ իմ իշխանութեան սահմաններուս մէջ կը գտնուի։ Իմաստէ զուրկ կը գտնեմ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհրդոյ ատենապետին յամառ ջանքերը, որոնք կը միտին տկարացնել անձս իբրեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ եւ կը հրաւիրեմ զինք արդարութեամբ ու ողջախոհութեամբ շարժելու։

 

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեան Մեծ Պահոց շրջանին պիտի շարունակէ նոյն Եկեղեցւոյ իր պաշտօնին որպէս Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ իմ որոշմամբ։ Որպէս Պատրիարքական Աթոռ, մեր պարտականութիւնն է արդարութեան ու իրաւանց համար գործել ու ծառայել սիրով ու ողորմածութեամբ։ Յստակ է, թէ երբեք պիտի չվարանիմ գործածելէ իմ հոգեւորական նշանակելու իշխանութիւնը ըստ կարեաց եւ ըստ պիտոյից։

 

Մեր ամենամեծ փափաքն է, որ մեր համայնքը Մեծ Պահոց շրջանը բոլորէ միասնութեան ու խաղաղութեան մէջ։

 

Աղօթարար

Արամ Արքեպս. Աթէշեան

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ