ԶԵԿՈՅՑ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Պատրիարքական Աթոռը, 24 Յունիսի ընտրութիւններու նախօրեակին, Ստանպուլի այժմու երեսփոխան եւ Տիարպաքըրէն երեսփոխանական թեկնածու առաջադրուած Տիար Կարօ Փայլանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն կը հետեւի ցաւով ու մտահոգութեամբ։

https://armenpress.am/arm/news/938042.html

Զանազան լրատուական միջոցներով Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանի դէմ օգտագործուած որակումները, դժբախտաբար, կը ստեղծեն Աթոռոյս նկատմամբ յարգանքէ ու պատասխանատուութեան գիտակցութենէ հեռու տպաւորութիւն մը, զոր ընտրութեան հարցին կապակցութեամբ մեր համայնքի տեսակէտէ մարտահրաւէրի մը վերածուած է։ Աւելի՛ն, այս յայտարարութիւններու երկրէն դուրս ստեղծած արձագանգը կրնայ թիւրիմացութիւններու տեղի տալ իր բնոյթով։

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը փակուղիի մատնուած է ամբողջութեամբ Թուրքիոյ հայ համայնքի ներքին ազդակներէն բխած դրդապատճառներով։ Ուստի, անընդունելի է, որ շաբաթավերջի ընտրութիւններուն նախորդող մթնոլորտին մէջ այս խնդիրը հանրային կարծիքին առջեւ վերածուի քարոզչութեան միջոցի մը ու ներքին քաղաքականութեան նիւթ դարձուի։ Անտարակոյս, յաչս հանրային կարծիքի, մեր համայնքի հեղինակութեան տեսակէտէ շատ աւելի օգտակար պիտի ըլլայ՝ եթէ այս խնդրին վերաբերեալ մեկնաբանութիւններու եւ արժեւորումներու ժամանակ աւելի նախանձախնդիր ոճ մը օգտագործուի եւ աւելի առարկայական մօտեցումներ ցուցաբերուին։ Քննադատութիւններու նկատմամբ հանդուրժողութիւնով հանդերձ, այս նիւթը մեր բոլորին տեսակէտէ հասարակաց զգայնութիւն մըն է։

Այս առթիւ կը մաղթենք, որ ընտրութիւնները բարեբեր ըլլան մեր երկրին համար եւ յաջողութիւն կը մաղթենք մեր համայնքի այն բոլոր անդամներուն, որոնք զանազան քաղաքական կուսակցութիւններու կողմէ երեսփոխանաւան թեկնածու առաջադրուած են։

Զայս յարգանօք ի գիտութիւն կը ծանուցուի մերազն ժողովուրդի։

 

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ