ԶԵԿՈՅՑ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

 

Պատրիարքական Աթոռոյ Խորհրդակցական Մարմինն ու Երիտասարդաց Յանձնախումբը 1 Օգոստոս 2018 թուականին հաւաքուեցան Պատրիարքարանի մէջ։ Հանդիպման ընթացքին Արի Չոլաք, որուն Խորհրդակցական Մարմնի կողմէ պաշտօն յանձնուած էր Երիտասարդաց Յանձնախումբ մը կազմելու ուղղութեամբ, իր խումբին հետ ծանօթացուց իրենց ապագայ ծրագիրները։

 

Նշմարելի էր, թէ երիտասարդներ հանդիպման կը մասնակցէին գրեթէ ամբողջական կազմով եւ օգտաշատ կ’ընդանար հանդիպումը։ Թէ՛ Խորհրդակցական Մարմնի եւ թէ՛ Երիտասարդաց Յանձնախումբի կողմէ ոգեւորիչ սոյն հանդիպման ընթացքին որոշուեցաւ ներկայացուած ծրագիրները կեանքի կոչել ամենամօտիկ ապագային։

 

Ժողովական լեզուն Հայերէն էր։ որու ընթացքին Համայնքիս Երիտասարդներուն համար կազմակերպուած ծրագիրներուն ու անոնց օգտակարութեան մասին եղան կարծիքի փոխանակումներ։

 

Յատկապէս շեշտուեցաւ, թէ Երիտասարդաց ծրագիրները պէտք էր հետապնդուէին նոյնինքն Յանձնախումբի անդամներուն կողմէ՝ պատասխանատուութեան զարգացման ու շարունակականութեան պատճառներով։ Շեշտուեցաւ նաեւ, թէ պէտք էր կազմել տարբեր ու զանազան ծրագիրներ։ Ծրագիրներուն միջեւ ի միջի այլոց կը գտնուին՝ կրթական հարցեր ու աշխատանքային մէկտեղումներ, պտոյտներ եւ ընդունելութիւններ, մէնդի-մէնդօր (առաջնորդուող-առաջնորդ) ծրագիրներ ու ասուլիսներ, մարզական աշխատանքներ ու փիքնիք։ Այսպիսով երիտասարդներ բազում առիթներ պիտի ունենան մէկտեղուելու։