ԶԵԿՈՅՑ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

                                 ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

 

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձրաշնորհ Տ. Գարեգին Սրբազան Արքեպիսկոպոս Պէքճեան 1 Յունիս 2017, Հինգշաբթի, ժամը 14.45ին կը ժամանէ Ստանպուլ։

 

Նոյն երեկոյեան, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ ժամը 17.00-ին պիտի կատարուի հրաշափառի ու երդման արարողութիւն։

 

Նորին Սրբազնութիւնը փափաք յայտնած է, թէ մերազն հաւատացեալները համախմբուին Աթոռանիստ Մայր Տաճար, ո՛չ թէ օդակայան։

 

Ուստի, սիրով կը հրաւիրուին Համայնքային ու Թաղային Մարմիններու եւ Մամլոյ ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ մերազն հաւատացեալ ժողովուրդը՝ արարողութեան ու բարի գալուստ մաղթելու Նորին Սրբազնութեան։

 

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ