ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

IMG_3184Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 11 Հոկտեմբեր 2017, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբի ներկայացուցիչները՝ առաջնորդութեամբ դպրապետ Ժիրայր Աքմերճանի եւ Ատենապետ՝ Տիրան Պօսթանի։

Այցելուներ տեղեկութիւն տուին դպրաց դասու գործունէութեանց մասին։ Յայտնեցին, որ կը պատրաստուին 19 Նոյեմբերին տօնախմբել դպրաց դասուն եւ երգչախումբին կրկնակ տարեդարձները կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեամբ։ Դպրաց Դասը այս տարը կը նշէ հիմնադրութեան 81րդ, իսկ մանկանց երգչախումբի կազմութեան 61րդ տարեդարձները։ Անոնք, խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ հանդիսութեանց հրաւիրեցին Նորին Սրբազնութիւնը։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, իր ուրախութիւնը յայտնեց տրուած այցելութեան համար։ Գնահատեց Զուարթնոց Դպրաց Դասու գործունէութիւնը։ Ինք լսած էր թէ՝ երբեմնի հայահոծ թաղի եկեղեցւոյ պայծառութեան համար ամէն առթիւ կը շարունակուէր
երախտաշատ անդամներու ծառայութիւնը։ Այժմէն շնորհաւորեց մօտալուտ տարեդարձը եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն։