ԷԼԱԶԸՂԻ ՈՒ ՄԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Ս. Ծննդեան Տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի արտօնութեամբ, Աթոռոյս Լուսարարապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեանի եւ Բրշ. Արմենակ Սրկ. Գազանճեանի, հովուական այցելութիւններ տուաւ Էլազըղի ու Մալաթիոյ Հայ համայնքներուն։

 

Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. եւ ընկերակիցները 10 Յունուար 2019, Հինգշաբթի առաւօտ, օդային ճամբով մեկնեցան Էլազըղ եւ դիմաւորուեցան տեղւոյն ազգայիններուն  կողմէ։ Անոնք այցելեցին մեր համայնքի անդամներու բնակարանները։ Մինչ այդ, Անտիոքի շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան այցելեց տեղւոյն գերեզմանատունը։ Յիշատակուեցան Էլազըղի երբեմնի հոգեւոր ու ազգային սպասաւորներն ու տեղւոյն հանգուցեալ հաւատացեալները։

 

Նոյն երեկոյեան Ժամը 18.00-ին Փիշկին ընտանիքի բնակարանին մէջ մատուցուեցաւ առտնին Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի։

ELAZIG BADARAK 2

Յաւարտ Ս. Պատարագի Ս. Ծննդեան առթիւ կատարուեցաւ Ջրօրհնէք, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի Ս. Մկրտութիւնը։ Հայր Սուրբը Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր ողջոյններն ու օրհնութիւնը փոխանցելէ ետք, քարոզեց եւ շեշտեց վերանորոգութեան կարեւորութիւնը։ Ան օրհնեց ներկաները իրենց արժէքներուն նկատմամբ ցուցաբերած նախանձախնդրութեան համար եւ բարեմաղթութիւններ յղեց անոնց։

ELAZIG BADARAK 3

Յաջորդ առաւօտ՝ 11 Յունուար 2019, Ուրբաթ, Թաթուլ Ծ. Վրդ. եւ ընկերակիցները մեկնելով Էլազըղէն, ցամաքային ճամբով հասան Մալաթիա։ Անոնք այստեղ դիմաւորուեցան Մալաթիոյ Հայրենակցական Միութեան Ատենապետ՝ Սարգիս Չիզմէճիի ու Ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզի կողմէ։

MALATYA VENK

Խմբովին այցելութիւն մը տրուեցաւ կիսաւեր Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցին ու ապա՝ Վէնքի մատրան։ Մեր համայնքի անդամներ յայտնեցին, թէ ներս մտնելու դժուարութիւն կ՚ունենային, քանի բանալիները կը գտնուէին Կուսակալութեան մօտ ու համայնքը չունէր բանալիներէն օրինակ մը։

 

Նոյն երեկոյեան Ժամը 18.00-ին Տեղւոյն Ազգային Գերեզմանատան մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի Ս. Ծննդեան առթիւ այստեղ եւս կատարուեցաւ Ջրօրհնէք։ Հայր Սուրբը Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր ողջոյններն ու օրհնութիւնը փոխանցելէ ետք, քարոզեց եւ շեշտեց վերանորոգութեան կարեւորութիւնը։ Ան օրհնեց ներկաները իրենց արժէքներուն նկատմամբ ցուցաբերած նախանձախնդրութեան համար եւ այստեղ եւս բարեմաղթութիւններ յղեց անոնց։ Հայր Սուրբն ու ընկերակիցները նոյն գիշեր օդային ճամբով վերադարձան Ստանպուլ։

MALATYA BADARAK 3

Այցելութեանց ընթացքին Էլազըղի ու Մալաթիոյ մերազն համայնքի անդամները մեծապէս ուրախ էին, Ս. Ծննդեան Տաղաւարի առթիւ կատարուած արարողութեանց մասնակցած ըլլալով։ Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Պատրիարքական Աթոռոյ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։

MALATYA GRUP