ԷՅՈՒՊԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Էյուպի Նշանճա թաղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, 9 Յուլիս 2019, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, առաջնորդութեամբ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մինաս Աւ. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի եւ գլխաւորութեամբ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Արթօ Արմանի այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

 

Այցելութեան նպատակն էր Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը հրաւիրել Եկեղեցւոյ աւանդական տօնախմբութեան, որ այս տարի պիտի կատարուէր 14 Յուլիս 2019, Կիրակի։

2019 EYUP SP ASDVADZ

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար, ըսաւ որ պիտի հանդիսապետէ արարողութեանց եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։