Էսայեան Սանուց Միութիւն

(Billurcu Çıkmazı No: 17, 34433 Sıraselviler)
Հեռ.՝ (0212) 244-3708

Էսաեան Վարժարանէ դուրս շրջանաւարտներու միասնութիւնը ապահովելու նպատակով, 1908 թուականին, աւելի քան դար մը առաջ, հիմնուած է Էսաեան Սանուց Միութիւնը։ Էսաեան վարժարանի լրացուցիչ դասարանի առաջին սանուհիներէն Կատարինէ Քիւտնէրեան (1900-1901), Յ. Ճ. Սիրանի, Հ.Ճ. Համբարձումեան եղած են առաջին անդամները նորակազմ Վարչութեան, իսկ պատուակալ անդամներ արձանագրուած են Կոմիտաս Վրդ. Եւ Մկրտիչ Էսաեան։

Ծաւալած են մշակութային եւ ընկերային բեղուն գործունէութիւն։ Գրական ձեռնարկներու ներկայութիւն բերած են Հայ մշակոյթի անմոռաց անուններ, ինչպէս՝ Վահան Թէքէեան, Շաւարշ Միսաքեան, Սիպիլ, Հայկանոյշ Մառք, Ռուբէն Զարդարեան, Գրիգոր Զօհրապ։ Իրերայաջորդ կերպով կազմակերպուած են գրական ասուլիսներ, ամառնային դասընթացքներ, եկեղեցական, ճարտարապետական եւ երաժշտական նիւթերով։ Կազմուած է ընդարձակ գրադարան մը, որմէ օգտուած են գրասէրներ։ Այս բոլորը իրականացած են Էսայեան Վարժարանի սրահին մէջ եւ այս առաջին շրջանը տեւած է շուրջ 15 տարիներ, մինչեւ 1923։

Էսաեան Սանուց Միութիւնը Հանրապետութեան շրջանին, 1947ին, վերստին բացած է իր դռները, Էսայեան Վարժարանի կից, այսօրուան հաւաքատեղիին մէջ։ Այս նոր շրջանի հիմնադիր անդամները եղած են Հրանդ Գուրապեան, Տօքթ. Լուսին Գարագաշեան, Վահէ Մինասեան, Յարութիւն Հանէսեան եւ Սրբուհի Սեւան (Դանիէլեան)։ Վարչութեան առաջին ատենապետը եղած է Հերմինէ Գալուստեան։

Միութեան երդիքին տակ կը կը կազմակերպուին զանազան բանախօսութիւններ, շնորհահանդէսներ եւ մեծարանքի հանդիսութիւններ։

Էսաեան Ս.Միութիւնը իր երդիքին տակ 1997 թուականէն ի վեր կը հիւրընկալէ նաեւ Մարալ Երգ ու Պարի Անսամպլը, մօտաւորապէս 120 հոգինոց խումբով մը, որոնք տարիքի բերմամբ կրնանք երկուքի բաժնել, փոքրիկներ 6-12 տարիքի եւ մեծեր 12-20 տարիքի միջեւ եւ նոյնիսկ աւելի մեծեր, որոնք այլեւս փորձառու պարողներ եղած են. Անոնք շաբաթը երկու կամ երեք օր կանոնաւորապէս փորձեր կը կատարեն պարուսույցներ Կարպիս եւ Իրիս Չափքան ամոլի հսկողութեամբ։ Մարալ Պարախումբը իր լայն յայտագրով, համայնքային շարժման մէջ միշտ ներկայութիւն բերելու պատրաստակամութեամբ ստացած է իր ուրոյն տեղը։