Էսայեան Վարժարան, Թաքսիմ

(Meşelik Sok. No. 34, 34433 Taksim)
Հիմնադիր՝ Սիմոն Չէքէմ Տնօրէնք՝ Ազնիւ Կիւրկէն
Անիլտա Մէնէքշէ
Հեռ.՝ (0212) 243-5016, (0212) 252 76 22-23
0212) 252 76 24
ֆաքս՝ (0212) 244-3384
Ել-նամակ՝ esayan@dsl.ttmail.com
esayanokulu@hotmail.com
Կայքէջ՝ http://www.esayan.com

1890-ին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կից Նարեկեան վարժարանը երբ անբաւարար մնաց հանրային կրթական պահանջքին, Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատներ 1895ին Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մօտ գետին մը գնելով, թէ՛ իրենց անունով հիմնեցին վարժարանը եւ թէ՛ նորոգեցին Ս. Յարութիւն եկեղեցին։ 1908ին վարժարանին աղջկան լիսէի արտօնութիւն տրուեցաւ։ 1912ին բարեսէր ազգայինի մը նուիրատուութեամբ ընդարձակուող շէնքը 1913ին երկսեռ դասաւանդութեան սկսաւ, սակայն Ա. Աշխարհամարտին, շէնքը բոյժքոյրերու յատկացուեցաւ։ 1921ին Թուրքիոյ մէջ առաջին տարրալուծարանը այստեղ կը հիմնուի։ 1922ին մէկ մասը իբրեւ որբանոց կը գործածուի եւ 1923ին կը վերսկսի դասաւանդութեան։

Վարժարանը ներկայիս մանկապարտէզի, նախակրթութեան, միջնակարգի եւ քառամեայ լիսէի բաժիններով ուսում կը ջամբէ երկսեռ աշակերտներու։