ԷՏԻՐՆԷԳԱԲՈՒԻ ԱՅԱ ԵՈՐԿԻ ՅՈՒՆԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՑՄԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Միջեկեղեցական,Փաստաթուղթեր

Huntas (3)

Huntas (2)Էտիրնէգաբուի Այա Եորկի Յունաց Եկեղեցին, յետ բարեզարդման աշխատութեանց, 19 Նոյեմբեր 2017, Կիրակի առաւօտ, պաշտօնական բացման հանդիսութեամբ եւ հոգեւոր արարողութիւններով պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Սոյն եկեղեցին իր հնագիտական արժանիքներով՝ ՈՒՆԵՍՔՈի համաշխարհային արժանքիներու ցանկին մէջ տեղ կը գրաւէ եւ նորոգութեանց աշխատութիւնները կատարուած են Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան օժանդակութեամբ։ Բացման արարողութեանց կը նախագահէր Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս արարողութեանց ներկայ եղաւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ անդամներէն՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ներկայ էին Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէն Ատնան Էրթէմ, Վաքըֆներու մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ՝ Փրօֆ. Տքթ. Թորոս Ալճան։ Բացման հանդիսութեանց աւարտին, մատուցուեցաւ նաեւ Ս. Պատարագ։ Յետ հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց, Զաքէոս Ծ. Վարդապետ, Բարթոլոմէոս Պատրիարքին փոխանցեց Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի ողջոյնները ու բարեմաղթութիւնները։

Huntas (1)