Էտիրնէգաբուի Գերեզմանատուն
Մէկն է Պոլսոյ հայկական հնօրեայ չորս գլխաւոր գերեզմանատուներէն, որ բաւական ընդարձակ է։ Հնագոյն տապանաքարերը կու գան 17րդ դարու առաջին կէսէն։
Գերեզմանատան մէջ հանգչող կարեւոր դէմքերէն կարելի է յիշել հետեւեալները՝
Արքունի նկարիչ Տիրացու Ռափայէլ (վախճանած 1780)
Պատմագիր եւ կրթական գործիչ Սարգիս Դպիր Սարաֆ Յովհաննէսեան (1740-1805)
Lեզուաբան, պատմագիր, թարգմանիչ
Գէորգ Դպիր Պալատեցի Տէր Յովհաննէսեան (1736-1811)
Տարեցուցագիր եւ կրթական գործիչ Մատթէոս Դպիր Յովնանեան (1741-1827)