ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Կրօնական,Համայնքային

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

 

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը 1 Ապրիլ 2018, ժամը 15.00-ին Ս. Զատկի Տօնի առթիւ, համայնքային եւ թաղային մարմիններու, Դպրաց Դասերու շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։

 

Քոյր եկեղեցիներու եւ համայնքներու ներկայացուցիչներ, քաղաքապետութեանց, կուսակցութեանց եւ քաղաքական գործիչներու շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունուին 3 Ապրիլ 2018, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-14.00-ի միջեւ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։

 

Իսկ Տիկնանց Կազմերու շնորհաւորութիւնները՝ 3 Ապրիլ 2018, Երեքշաբթի, ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։

 

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ