ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 65-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Աշխարհական

Իսրայէլի 65-ամեակը, 18 Ապրիլ 2013, Հինգշաբթի, ժամը 19.30-ին, նշուեցաւ Քօնրատ Հիւրանոցի մէջ։ Իսրայէլի, Ստանպուլի Աւագ Հիւպատոս՝ Մօշէ Քամհիի սարքած ընդունելութեան, յանուն Պատրիարքական Աթոռիս մասնակցեցան՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ Երէցկին Թանիա Ուզունեան։

Տէր Տրդատ Քահանան, յարգարժան Աւագ Դեսպան Մօշէ Քամհիի նուիրեց Տէր Հօր խմբագրած “İbranice Öğrenme Klavuzu”ն ու  փոխանցեց Ս. Աթոռոյս շնորհաւորութիւնները։