ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԵՐՈՒ

Kategori: Համայնքային

kadinlarՔաղաքիս զանազան համայնքային հաստատութեանց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, Ս. Զատկի տօնին առիթով, 2 Ապրիլ 2013, Երեքշաբթի, ժամը 15.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենադպիր Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տիրամայր Մարի Մութաֆեան։

Տիկիններու աւանդական այցելութեան ընթացքին, Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհաւորեց Ս. Յարութեան Տօնը։ Նորին Սրբազնութիւնը, ողջունեց Տիրամայր Մարի Մութաֆեանի ներկայութիւնը եւ այս առթիւ յայտնեց թէ աղօթքով կը զօրակցէր իրեն քանի որ ան գլխաւոր խնամատարն էր մեր հոգեւոր պետ՝ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր։  Ապա անդրադարձաւ կանանց կատարած դերին կարեւորութեան իբրեւ ընտանիքի մայր, նաեւ իբրեւ օժանդակող մեր համայնքային, եկեղեցական, կրթական, բարեսիրական հաստատութեանց։ Այս առումով գնահատեց համայնքանուէր գործունէութեան լծուած տիկինները։

Յանուն տիկիններու, Վարդանուշ Չէրմէ ողջունեց Նորին Սրբազնութիւնը եւ շնորհաւորեց Ս. Յարութեան տօնը։

Ընդունելութեան աւարտին երգուեցաւ Ս. Յարութեան «Գովեա Երուսաղէմ» շարականը եւ հուսկ՝ Արամ Արքեպս. իր օրհնութիւնը տալով բաժնեց Զատկուան հաւկիթներ։