ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԵՐՈՒ

Kategori: Աշխարհական,Կրօնական,Համայնքային

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԵՐՈՒ

Քաղաքիս զանազան համայնքային հաստատութեանց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, Ս. Յարութեան տօնին առիթով, 3 Ապրիլ 2018, Երեքշաբթի, ժամը 15.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. ու Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ.։

2018 ZADIG DIGINNER
Տիկիններու աւանդական այցելութեան ընթացքին, Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհաւորեց Ս. Յարութեան Տօնը։ Անդրադարձաւ կանանց համայնքային կեանքէ ներս ունեցած կարեւոր դերերուն մասին։ Մաղթեց որ հերթական հաւաքոյթներով, իրենց գործունէութեան դաշտը աւելի արդիւնաբեր դառնայ։ Բարի գալուստի խօսքէն յետոյ տիկիններ շնորհակալութիւն յայտեցին ընդունելութեան համար։ Համայնքային, եկեղեցական եւ մշակութային հարցերու շուրջ եղան կարծիքի փոխանակումներ։
Ընդունելութեան աւարտին երգուեցաւ Ս. Յարութեան «Գովեա Երուսաղէմ» շարականը եւ հուսկ՝ Արամ Արքեպս. իր օրհնութիւնը տալով բաժնեց Զատկուան հաւկիթներ։