ԸՆՏՐԵԱԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Սրբազան Հօր, որպէս Պատրիարք ընտրութենէն ետք, Պատրիարքարանի մէջ շնորհաւորական խանդավառութիւնը կը շարունակուի։ Երեքշաբթի օր քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու այցելութեամբ արդէն իսկ սկսած էր եռուզեռ մը։ 19 Դեկտեմբեր 2019, Հինգաբթի օր համայնքային չափանիշով շարունակուեցաւ սոյն ոգեւորիչ հանդիպումները։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, իր մօտն ունենալով հոգեւորականները, օրուան տեւողութեան ընթացքին Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Համայնքային Մարմիններու ու Թաղային Խորհուրդներու եւ Յարակից Մարմիններու, Դպրաց Դասերու եւ Սանուց Միութեանց, Հայրենակցական Միութեանց եւ Տիկնանց Յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու շնորհաւորութիւնները։

2019 SAMATYA

2019 FERIKOY

 

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն արդէն իսկ վարչայիններ սկսած էին փութալ Պատրիարքարան։ Պատրիարք Հայրը ժամը 10.00-էն մինչեւ 18.00, ամենայն խանդավառութեամբ ընդունեց համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչները։ Գրեթէ բոլոր վարչութիւնները, իրենց հոգեւոր հովիւներուն եւ կամ ատենապետներուն առաջնորդութեամբ, ողջունեցին Պատրիարք Սրբազան Հօր ընտրութիւնը եւ Աջը առին Նորին Ամենապատուութեան։ Մասնաւորապէս ողջունելի էր, Պոլսոյ ամենաբազմահայ թաղերուն, բազմաթիւ ներկայացուցիչներէ բաղկացեալ պատուիրակութիւնները։

2019 BAKIRKOY

 

2019 BESIKTASՊատրիարք Հայրը, առիթէն օգտագործուելով, իւրաքանչիւր այցելու մարմինէն հակիրճ տեղեկութիւններ քաղեց իրենց գործունէութեանց մասին։ Իր խօսքերուն մէջ, մասնաւորապէս շեշտադրեց համայնքային կեանքէն ներս ստեղծուած եռուզեռը։ Ուրախացուցիչ տեսարան էր, քանի թէ՛ Պոլսոյ մէջ, թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ հայկական շրջանակներ ոգեւորուած էին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ Պատրիարքին ընտրութեամբ։ Պոլսոյ Աթոռը եւ Պոլսահայութիւնը իր անցեալով, կարեւոր տեղ ունեցած էր Հայ Ժողովուրդի իրականութեան մէջ եւ ընտրութիւնը ապագայի նկատմամբ ժողովուրդին յոյսերը թարմացնելու առիթ կը հանդիսանար։ Պատրիարք Հայրը, բոլոր այցելուներուն յիշեցուց թէ Պատրիարքարանը ժողովուրդին տունն է եւ դռները միշտ բաց պիտի մնան համայնքին առջեւ։ Թելադրեց որ, տարբեր առիթներով ուրիշներ եւս այցելեն հաստատութիւնը, շնչեն մթնոլորտը, ականատեսը դառնան աթոռոյ գործունէութեանց եւ իրենց մասնակցութիւնը բերեն աշխատութեանց։ Աթոռոյ գործունէութիւնը հիմնաւորուած է ժողովուրդէն եկած ձայնին, հետեւաբար համայքին խնդրանքներն ու նեղութիւնները միշտ նկատի պիտի առնուէին Պատրիարքարանէ ներս։ Յիշեցուց նաեւ թէ՝ ծառայութիւնը որպէսզի յաջողութեամբ պսակուի, հաստատութիւնները եւս պէտք էր ականջ տային Աթոռոյ կոչերուն եւ պատգամներուն։

2019 GEDIKPASA

2019 DERNEKLER

Երկարաշունչ այցելութեանց պահուն, ներկաներու շարքին կային նաեւ երիտասարդներ, որոնց ուղղած պատգամին մէջ Պատրիարք Հայրը շեշտադրեց, թէ երիտասարդը այն անձն է որ տարիքէն անկախ ըլլալով կը մտածէ ու խօսի ապագայի մասին։ Պատրիարք Սրբազանը շեշտադրեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը եւս պիտի մտածէ իր ժողովուրդի ապագան եւ պիտի գործէ այս դիմագիծով։ Հետեւաբար, Ան մաղթեց, որ ծրագիրներ յաջողութեամբ պսակուին եւ պատմական աթոռը միշտ թարմ մնայ իր առաքելութեամբ։

2019 GUMUSYAN

 

2019 HAYCAR

 

2019 KADIKOY

 

2019 KALFAYAN

2019 KAYSERI

2019 KINALI

2019 KUMKAPI DISI

2019 MALATYA

 

2019 NARLIKAPI

2019 SIVASLILAR

 

2019 TOPKAPI

2019 USKUDAR

2019 VAKIFLIKOY

 

2019 YERID