ԸՆՏՐԵԱԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄՈՐԻՍ ԼԷՒԻԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտեալ Պատրիարք Հայրը, 24 Դեկտեմբեր 2019, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լէւին։

Յարգելի հիւրը, փափաքն ունեցած էր անձամբ այցելել Պատրիարքարան, եւ պաշտօնական այցելութեամբ շնորհաւորել Նորին Ամենապատուութիւնը։ Մասնաւորապէս վերջերս Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած «Աղթամար»ի ցուցահանդէսին միատեղուելու առիթն ունեցած էին եւ այդ հանդիպումը յիշարժան պահ մըն էր, ըստ Մորիս Լէւիի։

2019 MORIS LEVI

Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար։ Ինք եւս յիշեց մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած հանդիպումները, որոնց շնորհիւ Մորիս Լէւիի հետ ծանօթանալու եւ զրուցելու առիթն ունեցած էր։ Ան մաղթեց, որ Պատրիարքական ընտրութենէ յետոյ ծնունդ առած դրական մթնոլորտով  Հայ համայնքը առաւել եւս յաջողութեամբ շարունակէ իր պատմական ճանապարհին եւ այս մէկը նպաստէ բոլոր փոքրամասնութեանց։