ԸՆՏՐԵԱԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՈՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐԸ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Սրբազան Հայրը, յետ ընտրութեան կը շարունակէ պաշտօնական շնորհաւորութիւններ ընդունիլ։ Ցարդ, Նորին Ամենապատուութեան ընտրութեան լուրը, թէ՛ համայնքային կեանքէ եւ թէ՛ արտաքոյ համայնքային շրջանակներէ ներս լայն ընդունելութիւն գտած է։ Սոյն հրճուալի տեսարանի արտայայտութիւններէն մին էր 17 Դեկտեմբեր 2019, Երեքշաբթի, որու ընթացքին քոյր եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւոր առաջնորդներ ու քաղաքական գործիչներ փութացին Պատրիարքարան եւ ջերմ զգացումներով շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութիւնը։

BARTOLOMEOS

Պատրիարք Սրբազան Հայրը իր մօտն ունենալով հոգեւոր հայրերը, օրուան տեւողութեան ընթացքին Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հիւրընկալեց Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ռամզի Կարմօ Ս. Եպիսկոպոսը, Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Ռուբէն Կոնզալէզ Ս. Եպիսկոպոսը, Ասորի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Արքեպս. Չէթինը, Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Քհնյ. Չանլըն եւ իր նախորդը՝ Մոնս. Եուսուֆ Սաղը, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը, Թուրքիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Միութեան Վարչութեան անդամները, Ֆոքոլարէ Միաբանութեան անդամները, ինչպէս նաեւ Գերման Կաթոլիկ Եկեղեցիէն Հայր Նիքոլաուս Ուիրվոլ Ծ. Վարդապետը։

YUSUF CETIN

Հիւր բարձրաստիճան հոգեւորականներ, իրենց շքախումբերով այցելեցին նորընտիր Պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Իւրաքանչիւրը իրենց կարգին ուրախութիւն յայտնեցին ի տես Սահակ Եպիսկոպոսը, որպէս Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ։ Հիւր հոգեւորականներ մասնաւորապէս վեր առին Նորին Ամենապատուութեան, միջեկեղեցական շրջանակներէ ներս ունեցած լաւ համբաւն ու բեղուն գործունէութիւնը։ Անոնք բոլորն ալ, իրենց աղօթքներուն մէջ յատկապէս յիշած էին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւ ի Տեառնէ հայցած՝ խաղաղութիւն եւ օրհնութիւն։ Քոյր եկեղեցիներու անդամները, այս ուղղութեամբ Ընտրեալ Պատրիարք Հօր մաղթեցին ուժ, կարողութիւն եւ գործոց բարեաց յաջողութիւն։

RUBEN

Այցելուներու մէջ մասնաւորապէս պէտք է առանձնացնել Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի այցելութիւնը, քանի Նորին Սրբութիւնը ունի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հայրապետի հանգամանք։ Այնուհետեւ, Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարք, ընտրութեան եւ քաղաքավարական այցելութեան առիթով Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց երկու պանակէ եւ լանջախաչ։

KELDANI

Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, յանուն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ իւրաքանչիւր հոգեւոր առաջնորդին մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց։ Ընդգծեց թէ իրենց ներկայութիւնը, առաւել եւս կ՚ամրապնդէր միջեկեղեցական եղբայրութիւնը եւ Քրիստոնէական սիրոյ դրսեւորումը։ Այնուհետեւ, Նորին Սրբազնութիւնը մաղթեց, որ սոյն ընտրութեան օրհնութիւնը տարածուի նաեւ քոյր եկեղեցիներուն եւ իրենց համայնքներուն վրայ։

ORHAN CANLI

Բացի հոգեւոր առաջնորդներէ, Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, ընդունեց նաեւ բազմաթիւ քաղաքապետներ եւ քաղաքական գործիչներ։ Այնուհետեւ իրենց պատուիրակութեամբ Պատրիարքարան փութացին՝ Գատըգիւղի Քաղաքապետ Շէրտիլ Տարա Օտապաշը, Պայրամփաշայի Քաղաքապետ Աթիլլա Այտընէր, Պէշիկթաշի Քաղաքապետի օգնական Ալի Ռըզա Եըլմազ եւ քաղաքապետի խորհրդատու Նուրհան Փալաքօղլու, Կղզեաց Քաղաքապետ Էրտէմ Կիւլ եւ խորհրդականը Յովսեփ Էօզաճար, Պագըրգիւղի Քաղաքապետ Պիւլէնտ Քէրիմօղլու եւ Հունգարիոյ  Աւագ Հիւպատոս Լասզլօ Քէլլէր։

BAKIRKOY ve KERABAYZAR

Քաղաքապետներու մէջ մասնաւորապէս պէտք է առանձնացնել Պայրամփաշայի Քաղաքապետի այցելութիւնը։ Յարգելի քաղաքապետը, տեղեկացած ըլլալով Պատրիարք Հօր Պայրամփաշացի ըլլալու հանգամանքը, փափաքն ունեցած էր իր հետ անձամբ ծանօթանալու։ Զրոյցի ընթացքին, Նորին Ամենապատուութիւնը բաժնեց մանկութենէն յուշեր, որոնք հետաքրքրութեամբ ունկնդրուեցան յարգելի քաղաքապետին կողմէ։ Աթիլլա Այտընէր, այցելութեան առթիւ Պայրամփաշայի անցեալը ներկայացնող գիրք մը եւ յախճապակի նուիրեց Պատրիարք Հօր ու յաջողութեան մաղթանքները փոխանցեց յանուն իր քաղաքացիներուն։

ADALAR BELEDIYE

Այցելուներու բոլորը շեշտեցին թէ Պատրիարքական Աթոռը Թուրքիոյ կարեւոր հաստատութիւններէն մին է իր պատմականով ու գործունէութեամբ։ Այնուհետեւ Աթոռոյ գահակալը ո՛չ միայն ունի հոգեւոր դաշտէ ներս ծառայութիւն, այլ՝ ներկայացուցչական հանգամանք։ Պատրիարքի ընտրութիւնը այս առումով դրական հետեւանքներ պիտի ունենար Հայ համայնքէն ներս։ Այցելուներ, հաւաստիացուցին թէ՝ իրենց կարգին, որպէս քաղաքական գործիչներ պատրաստ էին օժանդակելու։

 

BAYRAMPASA BELEDIYE

 

BESIKTAS BELEDIYE

 

FOKOLARE

 

PROTESTAN

 

MACAR KONSOLOSU