ԹԱԼԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

talinԱմերիկահայ երգչուհի Թալին որ ծանօթ է մանկական երգերու մեկնաբանութեամբ, 31 Մարտ 2013, Կիրակի, ժամը 17.00-ին, ընկերակցութեամբ Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան եւ 100-ամեակի կարգադիր յանձնախումբի անդամներուն այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Գարակէօզեան Տան ներկայացուցիչները յայտնեցին թէ, հաստատութեան 100-ամեակի ծիրէն ներս
Ստանպուլ հրաւիրած էին մանկական երգերու սիրուած երգչուհի Թալինը որ սիրով ընդառաջելով եղած հրաւէրին Գալիֆորնիայէն եկած էր Ստանպուլ։ Նաեւ տեղեկացուցին թէ «Թալին եւ Ընկերները» խորագրեալ համերգը տեղի պիտի ունենան Շիշլիի Քէնթ սրահին մէջ 2 Ապրիլ 2013, Երեքշաբթի, Ժամը 12.00-ին եւ 15.00-ին։

Թալին, իր ուրախութիւնը յայտնեց անոր համար որ, Քրիստոսի Ս. Յարութեան Տաղաւարը՝ Սուրբ Զատիկը այս տարի կը տօնէր Պոլսոյ եկեղեցիներուն մէջ եւ աղօթակից կ՚ըլլար Պոլսահայ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Նաեւ ուրախ էր որ տօնական այս օրերուն եւ հաստատութեան մը 100-ամեակին առթիւ համերգով պիտի ներկայանար Պոլսահայ մանկանց ու սոյն ներկայացումը կ՚որակէր Ս. Զատկի նուէր, ընծայուած՝ Պոլսահայ մանուկներու։

Նորին Սրբազնութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց հեռաւոր ԱՄՆ-Էն ժամանած Թալինի Պատրիարքարան այցելութենէն։ Պոլսահայ մանուկներ խտասալիկներէն լսելու առիթը ունեցած էին Թալինի եւ իր ընկերներուն, երախաներու համար պատրաստած երգերը։ Կազմակերպուած այս հանդիսութեամբ, Պոլսահայ մանուկներ, այս երգերուն մօտէն ծանօթանալու եւ երգերով ու պարերով զուարճանալու առիթը պիտի գտնէին։ Սրբազան Հայրը կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Թալինի եւ իր ընկերներուն, իրենց ներկայացումներուն եւ մանկանց ի նպաստ տարած բոլոր գործունէութեանց մէջ։