Թարգմանչաց Դպրաց Դաս Երգչախումբ / Օրթագիւղ, Ս. Աստուածածին Եկեղեցի

Նախագահ՝ Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեան
Դպրապետ՝

Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Դպրաց Դաս Երգչախումբն է։ Թաղին մէջ կը տեսնենք Շնորհալի անունով երգչախումբ մը։ Խումբին վարիչը կ՚ըլլայ Յարութիւն Աղքատիկեան։ Այս երգչախումբը որոշ ատեն մը գործելէ ետք իր աշխատանքները կը դադրեցնէ։ 1940-ին կը կազմուի այժմու երգչախումբը։ Արական ըլլալով կազմուած այս խումբին առաջին վարիչը եղած է Յակոբ Յակոբեան։ Անունը առած է թաղի Թարգմանչաց Վարժարանէն։

Խումբը, Ս. Պատարագը այժմ կ՚երգէ Ռոպէր Տողանայի մականին ներքեւ Կոմիտասեան երգեցողութեամբ։