Թարգմանչաց Սանուց Միութիւն, Օրթագիւղ

(Karakaş Sok. No: 9, 34347 Ortaköy)
Հեռ.՝  (0212) 261-7751.

Թարգմանչաց Վարժարանը, որ 1906 թուականին կ՚ընդգրկէ երսեռ դրութիւնը, այս անգամ 1998 թուականին երեք ամսուան պատրաստութենէ եւ նորոգչական աշխատանքներէ ետք կը վերածուի ութնամեայ նախակրթարանի։ Սակայն, կարելի չ՚ըլլար շրջանաւարտներու մշտական միութիւնը ապահովել։ Սանուց միութիւնը, որ միակ միջոցն է այս ուղղութեամբ, տակաւ կը տկարանայ հակառակ իր երբեմնի փառքի օրերուն։

90-ական թուականներու վերջաւորութեան կրկին յայտնի կը դառնայ միութեան մը գոյութեան անհրաժեշտութիւնը եւ նկատի առնուելով երիտասարդներու փափաքը կ՚որոշուի վերաբանալ դռները։ Այս միջոցաւ միութիւնը «Թարգմանչաց վարժարանի սանուց եւ համակիրներու միութիւն» անունով 2000 թուականին կը սկսի իր գործունէութիւններուն։

Միութեան նպատակն է ի մի հաւաքել Թարգմանչաց վարժարանի շրջանաւարտներն ու համակիրները եւ ապահովել անոնց ջերմ մթնոլորտ մը։