Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ եւ Աթոռոյ հոգեւորականաց դասու մասնակցութեամբ Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօնի յիշատակութիւնը իրականացաւ, 10 Հոկտեմբեր 2020, Շաբաթ առաւօտ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ: Ս. Պատարագը մատոյց` Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան: Արարողութեան աւարտին պատգամեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ ապա հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան վախճանեալ վարդապետներ, կրթական մշակներ եւ գրչի սպասաւորներ:
Video: https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/videos/384049949574836