ԹԱՔՍԻՄԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ 75 ՏԱՐԵԿԱՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

13Թաքսիմի Էսաեան վարժարանի Ս. Յարութիւն ՄատրանԼուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի 75ամեակը նշուեցաւ ԲերայիՍ. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր եւ աշխարհիկհանդիսութիւններով։

17 Ապրիլ 2005, Կարմիր Կիրակիի արարողութեան նախագահեցՆ.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ.Գրիգոր Աւ.Քհն. Տամատեան։ Երգեցողութիւնը կատարուեցաւԼուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբՅակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Շանթ Էօզպիւլպիւլի։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ, զանգերու ուրախ ղօղանջներու ընկերակցութեամբ §Ուրախ լեր Սուրբ Եկեղեցի¦ շարականի երգեցողութենէն ետք, պատարագիչ Տէր Հայրը հանդիսիւ ընթերցեցԱմեն. Ս. Պատրիարք Հօր սրբատառ կոնդակը, որով ՆորինԱմենապատուութիւնը կը շնորհաւորէր Լուսաւորիչ Դպրաց ԴասԵրգչախումբի 75ամեակը եւ իր օրհնութիւնները կը բաշխէր այժմուվարչութեան եւ անդամներուն։

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը հաւատացեալները ողջունեց Ս.Զատկի §Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց¦ աւետիսով։ Մեր Հոգեւոր Պետըբացատրեց, թէ Ս. Զատկի Դ. Կիրակին կը կոչուէր §Կարմիր Կիրակի¦,որ կը խորհրդանշէր Քրիստոսի արեամբ մահուան դէմ տարուածյաղթանակը եւ պայքարի գաղափարը։

§Քրիստոս՝ Աստուծոյ Միածին Որդին, խաչի վրայ զոհուեցաւորպէսզի մեղաւոր մարդիկ Անոր արեան գնովը գնուին մեղքիծառայութենէն։ Քրիստոսի յարութիւնը նո՛ր կեանք պարգեւեց մարդոց։Անոր յարութեամբ վերանորոգուողներ, սկսեալ Սուրբ Աւազանէնմինչեւ իրենց կեանքի վախճանը պայքար կը մղեն աստուածահաճոյկեանք վարելու համար։ Աստուծոյ փառքին համար կատարուածառաքելութիւններ իրենց պտուղը տուած են այն ատեն, երբառաքելութեան նուիրուողներ չեն նահանջած պայքարելէ։Սրբութիւններ կը պահուին, սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին մղուածբարի պայքարներով։ Այսօր մենք կը նշենք Լուսաւորիչ Դպրաց ԴասԵրգչախումբի 75ամեակի յոբելեանը։ Վստահ կրնանք ըսել, որ եթէսերունդէ սերունդ զոհողութեանց գնով պայքարելու ոգին չըլլար,երգչախումբը այսօրուան հանգրուանին չէր հասներ¦։

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա թելադրեց նոյն զոհողութեանոգիով ընթանալ, որպէսզի մեր աւանդութիւնները, սրբութիւնները,բարենպատակ հաստատութիւնները պահպանուին եւ սերունդէսերունդ փոխանցուին։

Յաւարտ հոգեւոր հանդիսութեան, եկեղեցւոյ նախկինմատենադարանի սրահին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնընախագահեց սիրոյ սեղանին։

14

<><  <><  <><  <><  <><  <><  <><  <>< <><  <><  <><
ԼՐԱԲԵՐ  16/04/2005
Հայոց Պատրիարքութեան Պարբերական Տեղեկատու
Ermeni Patrikliği, TR-34130 Kumkapı, Istanbul
Տնօրէն՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհն. Ուզունեան
Ա. Խմբագիր՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ.Քհն. Տամատեան
Բ. Խմբագիր՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան
Մամլոյ Բանբեր՝ Իրաւագէտ Տկն. Լուիզ Պաքար
Հեռ.։ (90 212) 517 0970
Հեռատիպ։ (90 212) 516 4833
Էլ-փոստ։ lraper@lraper.org կամ patriarchate@post.com
Կայքէջ։ www.lraper.org
<><  <><  <><  <><  <><  <><  <><  <>< <><  <><  <><