ԹԱՔՍԻՄԻ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Թաքսիմի Մարմնամարզական Ընկերութեան վարչայինները, առաջնորդութեամբ Ատենապետ՝ Կարօ Համամճեանի 6 Օգոստոս 2019, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

 

Այցելուները եկած էին շնորհաւորելու Պատրիարքական նորընտիր Տեղապահ Սրբազան Հայրը։ Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ իրենց աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին։

2019 TAKSIM SPOR KULUBU

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։