ԹԷԶԷ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Kategori: Միջեկեղեցական

Թէզէ միաբանութեան անդամները, որ 3-6 Յունուար 2013 թուականներուն կը գտնուին քաղաքս, ուղեկցութեամբ իրենց առաջնորդ՝ Եղբայր Ալուաի, 4 Յունուար 2013, Ուրբաթ, ժամը 17:30-ին այցելեցին Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի։ Միջեկեղեցական միաբանութեան հարիւր հոգինոց երիտասարդաց խումբը, որ կու գար քսանըհինգ տարբեր երկիրներէ, ներկայ գտնուեցաւ իրենց համար կազմակերպուած աղօթքի պահուն։

Խումբը քաղաքս կը գտնուի ծննդեան շրջանի ուխտագնացութեամբ եւ Յունաց Բարթողոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի հրաւէրով։ Անոնք եկած էին աստուածայայտնութեան այս շրջանին Թուրքիոյ Քրիստոնեայ համայնքներուն հետ աղօթելու։

Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ կայացած աղօթքի երեկոյթին յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ հանդիսապետեց միջեկեղեցական ու միջկրօնական բաժանմունքի վարիչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Ներկայ էին նաեւ միաբան Հայրեր՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Քահանայից դասէն՝ Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան, Արժ. Տ. Գէորգ Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Եղիա Քհնյ. Քէրվանճեան, Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիւանեան։  Իսկ երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղւոյն Ասողիկ Դպրաց Դաս Երգչախումբին կողմէ, առաջնորդութեամբ ու երգեհոնահարութեամբ՝ Բրկ. Վահէ Ուր. Դպ. Հալաճեանի կողմէ։

Արարողութեան աւարտին Գերշ. Տ. Սահակ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն անդրադարձաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան պատմականին ու մեկնելով օրուան Սուրբ Գրային հատուածէն, շեշտեց հաւատացեալներու ի Քրիստոս միանալու կարեւորութիւնը։ Ապա, Նորին Սրբազնութիւնը պատասխանեց զանազան հարցումներու։

Յաւարտ արարողութեան Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդի անդամները Նարեկեան սրահին մէջ ճոխ թէյասեղանով հիւրասիրեցին Թէզէ միաբանութեան անդամ երիտասարդ ուխտաւորները։