ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Toros AlcanՎաքըֆներու Խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, ընկերակցութեամբ Համայնքային Վաքըֆներու Ներկայացուցչական Գրասենեակէն (Cemaat Vakıfları Temsilciliği Ofisi) Մութէպէր Եըլմազճանի, 5 Փետրուար 2015, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թորոս Ալճան, ամանորի սեմին ընտրուած էր Վաքըֆներու  Խորհուրդի մօտ որպէս փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ։ Իր պաշտօնին ձեռնարկելէ յետոյ փափաքած էր այցելել Հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին։ Թորոս Ալճան, յայտնեց թէ՝ կը գիտակցէր իր ծանր պարտականութեան կարեւորութեան։ Ինք պիտի ջանար լաւագոյնս կատարել այդ պաշօնը։ Ան ծանօթացուց նաեւ Մութէպէր Եըլմազճանը, որ կը պաշտօնավարէր Համայնքային Վաքըֆներու Ներկայացուցչական Գրասենեակին մէջ։

Սրբազան Հայրը, շնորհաւորեց Թորոս Ալճանի  նոր պաշտօնը։ Յիշեցուց թէ, Ս. Խաչ Դպրեվանքի որպէս ատենապետ ծառայութիւնը, առհաւատչեան էր ապագայի իր  բեղուն գործունէութեան։ Յոյս յայտնեց որ իր ծառայութեամբ պատիւ պիտի բերէր նաեւ Հայ Համայնքին։ Նորին Սրբազնութիւնը, իր խօսքերու աւարտին, Թորոս Ալճանի յաջողութիւն մաղթեց վարչական իր նոր պաշտօնին մէջ։