ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

12030313_501209306705624_1753481719335000992_oԹուրքիոյ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Վարչութեան ատենապետ՝ Իհսան Էօզպէք, ընկերակցութեամբ անդամներ՝ Պէհնան Քօնութքան, Տանիէլ Կիւնայ, Ռէֆիք Թօփճու եւ Ալի Քալքանտէլէնի, 15 Հոկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Այցելութեան ներկայ եղաւ նաեւ՝ Միջեկեղեցական – Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։

Նորընտիր վարչութիւնը, քաղաքիս քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր կեդրոններուն քաղաքավարական այցելութիւններ կու տայ։ Այս շրջագծով, հիւրերը փափաք յայտնած էին այցելել նաեւ Հայոց Պատրիարքարան։ Այցելուները, տեղեկութիւններ տուին վարչութեան գործունէութեան մասին։ Զրոյցի ընթացքին հասարակ հարցերու մասին գաղափարի փոխանակումներ եղան։ Այս առթիւ, փոխանցուեցաւ նաեւ Հայոց Պատրիարքութեան կարգ մը գանգատները։ Հիւրերը, սոյն հարցերու լուծման համար իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին։

Արամ Արքեպս., իր ուրախութիւնը յայտնեց տրուած այցելութեան համար։ Շնորհաւորեց նորընտիր վարչութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։ Իր կարգին, Սահակ Եպս.ը եւս ընդգծեց թէ եկեղեցիներու միութեան համար կատարուած բոլոր աշխատութիւնները կարեւոր էին։ Այս առումով, ինք եւս նորակազմ վարչութեան յաջողութիւն մաղթեց, իրենց Աստուածահաճոյ գործունէութեանց մէջ։