ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԲՈՂՈՔԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Կարճ լուրեր,Կրօնական,Միջեկեղեցական

Protestan Derneği

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 23 Սեպտեմբեր 2020, Չորեքշաբթի, ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Թուրքիոյ Բողոքականներու Միութեան Վարչութեան անդամներ՝ Պէհնան Քոնութկանը, Վահան Իսաօղլուն, Սօնէր Թուֆանը եւ Վարչութեան Ընդհանուր Քարտուղար՝ Ումութ Շահինը, գլխաւորութեամբ՝ Ատենապետ Ալի Քալքանտէլէնի։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Աթոռոյս Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Միջեկեղեցական-Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանը։

Հիւրերը, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութեան ընտրութիւնը։ Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, այցելուներ յայտնեցին թէ՝ Պատրիարք Հայրը ծանօթ էր միջեկեղեցական յարաբերութեանց կարեւորութիւն ընծայող հոգեւոր առաջնորդի տիպարով։ Այս առիթով անոնք փոխ յարաբերութեանց կարեւորութիւնը շեշտելով, յաջողութիւն մաղթեցին Մեր Հոգեւոր Պետին եւ յիշատակի նուէր մը յանձնեցին Նորին Ամենապատուութեան։

Մեր Հոգեւոր Պետը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց այցելութեան ու բարեմաղթութեանց համար։ Պատրիարք Հայրը այս առիթով շեշտեց երկխօսութեանց կարեւորութիւնը եւ ուրախութիւն յայտնեց թէ՝ ժամանակի մէջ կուտակուած որոշ անհամաձայնութիւնները տակաւ առ տակաւ լուծման փուլին հասած էին։ Պատրիարք Հայրը, գահակալութեան արարողութեան յիշատակի դրամէն օրինակ մը նուիրեց այցելուներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։