ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ՝ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՌԷՃԷՊ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՕՂԱՆԻ, 24 ԱՊՐԻԼ 2015ԻՆ ՈՒՂԱՐԿԱԾ ՊԱՏԳԱՄԸ

Kategori: Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի, 24 Ապրիլ 2015ին ուղարկած պատգամին Հայերէն թարգմանութիւնը կը ներկայացնենք։

Յարգելի Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ,

Այս օրը, յատուկ նշանակութիւն մը ունի մեր Հայ հայրենակիցներու համար։ Յարգանքով կը յիշեմ այն Օսմանեան Հայերը, որոնք իրենց կեանքերը կորսնցուցած են Առաջին Համաշխարհային պատերազմի պայմաններուն մէջ ու ցաւակցութիւն կը յայտնեմ իրենց զաւակներուն ու թոռներուն։

Միշտ գնահատանքով կը յիշենք, Հայ հաւաքականութեան ունեցած ներդրումը Օսմանեան Կայսրութեան եւ մեր Հանրապետութեան շրջաններուն, տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ քաղաքական մարզերուն մէջ։ Լաւ զգացումերով կ՚անդրադառնամ այն յիշողութիւններուն, որոնց կարելի է հանդիպիլ մեր տարածքաշրջանի մէջ, ամէնուրէք։

Այս առթիւ, ապաքինում կը մաղթեմ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Մութաֆեանի, որ ներկայիս կը դարմանուի իր հիւանդութեանը պատճառաւ։

Յարգարժան Հայ հայրենակիցներս,

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը մարդկութեան մեծագոյն աղէտներէն է, որուն ընթացքին Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններուն մէջ ամենազգի միլիոնաւոր մարդիկ իրենց կեանքերը կորսնցուցին։

Առանց նկատի ունենալու իրենց ազգային եւ կրօնական պատկանելիութիւնը, ողորմութիւն հայցելով եւ յարգանքով կը յիշեմ բոլոր Օսմանեան Հայրենակիցները, որոնք այս պատերազմի ընթացքին նման պայմաններու մէջ իրենց կեանքերը կորսնցուցած են։

Մենք, առանց մոռնալու այս ցաւերը, միանգամայն ըմբռնելով անոնց յաղթահարելու ճանապարհները, յաջողեցանք Թուրքիոյ Հանրապետական Պետութիւնը կերտել։

Այսօր ալ, առանց նկատի ունենալու իրենց ազգային ու կրօնական պատկանելիութիւնը, մեր բոլոր հայրենակիցներուն եւ բարեկամներուն հետ, անդորրութեան, խաղաղութեան ու եղբայրութեան հիմքերու վրայ միասնաբար կ՚աշխատինք ու կը պայքարինք աւելի գեղեցիկ օրերու հասնելու համար։

Այսօր ունինք մշակոյթ մը, որով Չանաքքալէի մէջ ոգեւորութեամբ կրնանք հիւրասիրել    Հարիւր տարի առաջ, մեր հասարակաց Հայրենիքը գրաւելու համար աշխարհի չորս ծագերէն եկողներու թոռները, պատերազմը անիծելու, խաղաղութիւնն ու բարեկամութիւնը մեծարելու համար։

Հայ հաւաքականութեան անցեալին ապրած ցաւառիթ դէպքերը, ծանօթ են մեզի եւ այս առումով անգամ մը եւս ամենայն անկեղծութեամբ կը յայտնեմ թէ բաժնեկից եմ ձեր ցաւին։

Կ՚ուզեմ որ գիտնաք, թէ Օսմանեան Հայերու ի սփիւռս աշխարհի տարածուած թոռներուն համար մեր սրտերուն դռները բաց են լիովին։

Սրտագին զգացումներով ողջունելով ձեզ, կը յայտնեմ իմ սէրն ու յարգանքը ձեր բոլորին։