ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՈՒՂԵՐՑԸ

Kategori: Համայնքային

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նահագահ

Մեծայարգ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտողանի ուղերձը

Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան

24 Ապրիլ 2017

Յարգելի Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան,

Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան,

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ,
Իմ յարգարժան Հայ քաղաքացիներս,

Ձեզ կ’ողջունեմ սիրով ու յարգանքով:
Այս տարի եւս յարգանքով կը յիշեմ այն Օսմանեան հայերը, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցած են Առաջին Համաշխարհային պատերազմի դժուար պայմաններու մէջ ու կը ցաւակցիմ անոնց թոռներուն:

Թուրքերն ու հայերը որպէս տարածքաշրջանի երկու վաղեմի ժողովուրդներ, կիսած են ընդհանուր պատմութիւնն ու մշակոյթը նոյն շրջանին մէջ՝ համակեցութեամբ:

Հայ համայնքը մեծ ներդրումներ ունեցած է մեր երկրի զարգացման գործընթացին մէջ՝ հասցնելով արժէքաւոր զաւակներ թէ՛ Օսմանեան Կայսրութեան եւ թէ՛ մեր հանրապետութեան մօտ հարիւր տարուան պատմութեան մէջ:

Հայերը, ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր, որպէս մեր երկրի համահաւասար ու ազատ քաղաքացիներ կարեւոր դեր կը կատարեն մեր հասարակական, քաղաքական ու առեւտրային կեանքի ամէն ոլորտին մէջ:

Մեր բոլորին հասարակաց նպատակն է փաթթել անցեալի վէրքերը այս երկու ժողովուրդներուն, որոնք դարեր շարունակ կիսած են ուրախութիւնն ու վիշտը, նաեւ առաւել զօրացնել իրենց մարդկային յարաբերութիւնները:

Մենք այս ուղղութեամբ բազում քայլեր առինք վերջին 14 տարուան մէջ, կեանքի կոչեցինք պատմական արժէք ներկայացնող բարեփոխումներ:

Մենք յառաջիկայ ժամանակաշրջանին մէջ ծաւալելով պիտի շարունակենք մեր աշխատանքները, որոնք ուղղուած են տէր կանգնելու Օսմանեան Հայերու յիշատակին ու Հայ մշակութային ժառանգութեան:

Այս առիթէն օգտուելով կ’ուզեմ ընդգծել յատկապէս հետեւեալը, որ մեզի համար յատուկ նշանակութիւն ունի մեր երկրի մէջ գտնուող հայ համայնքի խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնն ու երջանկութիւնը:

Կարելի չէ, որ հանդուրժենք նոյնիսկ մէկ Հայ հայրենակցի օտարացման, մեկուսացման ու ինքզինք զգալուն որպէս երկրորդ դասակարգի անձ:

Կը ցանկամ, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի ընտրութիւնը կարճ ժամանակի մէջ իր աւարտին հասնի ու կը մաղթեմ յաջողութիւն:

Այս մտածումներով անգամ մը եւս կը յիշատակեմ այն Օսմանեան Հայերը, որոնք մահացած են քսաներորդ դարու սկիզբը:

Աստուծմէ ողորմութիւն կը հայցեմ միլիոնաւոր Օսմանեան քաղաքացիներու համար, որոնք հեռացած են այս կեանքէն Առաջին Համաշխարհային պատերազմի դժուարին պայմաններու մէջ:

 

​​​​​​Ռէճէպ Թայյիպ Էրտողան

​​​​​​​Նահագահ