ԹՈՓԳԱԲԸԻ ԼԵՒՈՆ ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ

Kategori: Կարճ լուրեր

51Թոփգաբըի Լեւոն-Վարդուհեան Վարժարանի Տնօրէնուհի Անի Աքշէհիրլի, ուսուցիչներ, սաներ եւ տիկնանց կազմի անդամներէ բաղկացած մօտ հարիւր հոգինոց խումբ մը 2 Յունիս 2005 Հինգշաբթի առաւօտ գարնանային դաշտագնացութեան համար Գնալը Կղզի ելան եւ ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ։

Աշակերտութիւնը օրուան ընթացքին օգտուեցան Գնալը Կղզիի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ պարտէզներու, Գարակէօզեան Տան Կազդուրման Կայանի, Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի վարդաստան-պարտէզին եւ Գնալը Կղզիի մարզադաշտին հնարաւորութիւններէն, աղօթեցին եկեղեցւոյ մէջ, վայելեցին բնութիւնը, Տիկնանց Կազմի պատրաստած ճաշերը ըմբոշխնելէ յետոյ,մինչեւ ժամը 16.00ի նաւը օրուան ամբողջ տեւողութեան զբաղեցան մարզական խաղերով։