ԹՈՓԳԱԲԸԻ ՄԷՋ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

69Նկատի առնելով, որ Թոփգաբի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ եւ Լեւոն-Վարդուհեան Վարժարանի թաղային խորհուրդի անդամներըհրաժարած էին իրենց պաշտօններէն, 12 Յունիս 2005 Կիրակիառաւօտ կատարուեցաւ նոր թաղային խորհուրդի ընտրութիւնը։

Քուէարկութիւնը սկսաւ ժամը 10.00-ին ու վերջացաւ ժամը 16.00-ին։Նոտարի ներկայութեամբ կատարուեցաւ քուէներու դասաւորում, ըստորու յայտնի եղաւ որ գործածուած է 567 քուէ, որուն 441-ընկատուեցաւ վաւերական։

Ն.Ա.Տ Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը առաւօտուն այցելեց Թոփգաբուիեկեղեցին, ուր գործածեց իր քուէն։ Ապա Նորին Ամենապատուութիւնընախագահեց Ս. Պատարագին եւ աւարտին սիրոյ սեղանին։

Թաղային խորհուրդի անդամակցութեան ընտրուեցան Մոնիք Երկան,Պարոն Նալպանթ, Մուրատ Չաքան, Մարգրիտ Նալպանթղազարօղլու, Թագւոր Աճէմօղլու, Կարպիս Կարօ Քիւրքչիւկիլ, Նուրհան Սուճուեան, Յակոբ Պիւյիւքքույումճու, Շարլոթ Պերճուհի Սարըչոպան, Նուարդ Պարըն, Շանդ Սապրի Չաքմաքճը,Սելին Սրբուհի Մաշալը, Եդուարդ Պալճը եւ Արաս Չիմէն։