ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՄՕՏ

Kategori: Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 22 Ապրիլ 2005, Ուրբաթ, ժամը14.00ին ընդունեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ ԹաղայինԽորհուրդի անդամներէն Տիար Կարօ Քիւրքչիւկիլը եւ թաղի ԼեւոնՎարդուհեան Վարժարանի բարերար Տիկին Մոնիկ Երկանեանը։

Հիւրերը Նորին Ամենապատուութեան տեղեկացուցին, որ ԹոփգաբուիԹաղային Խորհուրդը լրիւ կազմով հրաժարած  եւ նոր ընտրութիւնկատարելու համար դիմում ներկայացուցած է ՍտանպուլիԿուսակալութեան Ապահովութեան Տնօրէնութեան։

Թաղի նոր վարչութիւնը, որ պիտի բաղկանայ 14 անդամներէ, պիտիջանայ իր կարելին ընել Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանը բացպահելու, մակարդակը բարձրացնելու նպատակաւ նոր ծրագիրներմշակելու, նաեւ թաղի պատմական եկեղեցին ծաղկեցնելու համար։

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց առնուած տեղինքայլերուն համար եւ յաջողութիւն մաղթեց նախաձեռնութիւններուն։Մեր Հոգեւոր Պետը դպրոցի աշակերտութիւնը Մայիս ամսուանընթացքին հրաւիրեց նաեւ Գնալը Կղզի, գարնանայինդաշտագնացութեան համար։