ԹՈՓԳԱՓԸԻ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

topkapiԹոփգաբըի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի, 2 Հոկտեմբեր 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուէր 8 Դեկտեմբեր 2013, Կիրակի առաւօտ, ապա պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Թոփգաբըի Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը հրաւիրեցին հանդիսութեանց։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։ Յայտնեցին որ աշակերտութեան թիւը անցեալ տարիներու բաղդատմամբ այս տարի աւելցած էր։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Խորհուրդի անդամներուն, իրենց եկեղեցանուէր եւ կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։