ԹՈՓԳԱՓԸԻ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

19260570_854757008017517_8123730832524435145_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 7 Հոկտեմբեր 2017, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թոփգաբըի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները եկեղեցւոյ, դպրոցի եւ միութեան գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան Նորին Սրբազնութեան։ Ապա, յայտնեցին, որ Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուի 26 Հոկտեմբեր 2017, Կիրակի առաւօտ, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, ապա պիտի սարքուի սիրոյ սեղան ի նպաստ Թոփգաբըի Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանին։ Այս առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը խնդրեցին ու արարողութեան նախագահելու համար հրաւիրեցին Տեղապահ Սրբազան Հայրը։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը հետաքրքրուեցաւ վարժարանի ներկայ վիճակով ու հայրաբար թելադրութիւններ ըրաւ այցելուներուն։ Այս առթիւ, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ վարչայիններուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։