Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկ, Փանկալթի

Հասցէ
(Zafer Sok. No. 11-13/2, 34371 Pangaltı)
Հեռ.՝ (0212) 233-9415, (0212) 240-3889
Ֆաքս՝ (0212) 231 65 36
Ել-նամակ՝ teaov@teaov.org
Կայքէջ՝ http://www.teaov.org

Հիմնարկի մը կազմութեան որոշումը կը տրուի 6 Յուլիս 1963ին գոյացած Թրքահայ Ուսուցչաց Միութեան ընդհանուր ժողովին եւ կ՚իրականանայ երբ Ստանպուլի Հիմնական Իրաւարար Գ. Ատեանը 22 Ապրիլ 1965ին կը վաւերացնէ կանոնագիրը:
Հիմնարկի գործունէութիւնը կը ծաւալի երեք գետիններու վրայ՝

Ա. Կրթական՝
Համալսարանական ուսուցիչներ հասցնելու համար եւ ընդհանրապէս բարձրագոյն, միջին եւ նախակրթական ուսման հետեւող երիտասարդներուն կթաթոշակ կը հայթայթէ: Կը կազմակերպէ ուսումնական հաւաքոյթներ:

Բ. Հրատարակչական՝
Կը հայթայթէ մեր դպրոցներու պիտանի դասագիրքեր, CD-ներ, կը հրատարակէ մանկական ամսաթերթ մը «Ժպիտ» 1991էն ի վեր, նաեւ մեր գրականութեան վերաբերեալ հաւաքածոներ եւ իր հիմնադրութեան թուականէն ի վեր սեղանի օրացոյցը:

Գ. Ընկերային՝
Կ՚օգնէ տնտեսապէս նեղ դրութեան մէջ գտնուող հանգստեան կոչուած ուսուցիչներուն, կ՚ապահովէ անոնց համար ամառնային արձակուրդ եւ կ՚օգնէ առողջապահական հարցերու լուծման:
Իր եկամուտի աղբիւրներն են. բարերարներու նուիրած կալուածներէն գանձուած վարձքերը, նուիրատուութիւններ եւ տոկոսներ:

Քարտէս