ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

WhatsApp Image 2018-01-29 at 11.57.16Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 29 Յունուար 2018, Երկուշաբթի, ժամը 11.00ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Թրքահայ Ուսուցչաց Միութեան նորընտիր վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ Ատենապետ Կարապետ Մխալեանի։

Կարապետ Մխալեան յայտնեց թէ՝ վերջերս կատարուած ընտրութեամբ, պաշտօնի գլուխ եկած էր նոր վարչութիւն մը։ Նոր վարչութեան կ՚անդամակցին. Կարապետ Մխալեան, Գարեգին Պարսամեան, Եւգինէ Ինճիտիւզէն, Վանէս Ճանօղլու, Սաթենիկ Չուլճու, Թայիս Հալաճեան եւ Իւղաբեր Պօյաճեան։ Ապա, վարչութեան անդամները մի առ մի ծանօթացան Սրբազան Հօր հետ։ Նոր վարչութեան մաս կը կազմեն տնօրէններ, հիմնադիրներ ու ուսուցիչներ։ Այցելուներ միութեան ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Սրբազան Հօր։ Ատենապետ Մխալեան յայտնեց թէ՝ իրենց առաջնահերթ պարտականութիւնը պիտի ըլլայ կրթական մշակներու հետ տեսնուիլ ու անոնց հարցերուն մասին տեղեկութիւններ քաղել։ Միութիւնը պիտի աշխատի այս հարցերու լուծման ճամբան գտնելու ուղղութեամբ։ Անոնք նաեւ կը ծրագրեն մասնագէտներու մասնակցութեամբ ուսուցիչներու ուղղեալ դասախօսութիւններ կազմակերպել։ Հիւրերը, իրենց ծրագիրները կեանքի կոչելէ առաջ, փափաքած էին Տեղապահ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստանալ։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, սոյն այցելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց ու գնահատեց Ուսուցչաց Միութեան ծրագիրը։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նոր վարչակազմը ու յաջողութիւն մաղթեց։ Ինք եւս շեշտեց կրթական մշակներու համայնքային կեանքէ ներս ստանձնած կարեւոր դերը։ Սրբազան Հայրը, խոստացաւ զօրավիգ կանգնիլ միութեան աշխատութեանց իրականացմանը համար։ Հանդիպման աւարտին հիւրեր շնորհակալութիւն յայտնեցին Սրբազան Հօր հայրական հոգածութեան համար ու բաժնուեցան Պատրիարքարանէ։