Թրքահայ Ուսուցչաց Միութիւն, Բանկալթի

(Zafer Sok. No: 11-13/2, 34371 Pangaltı)
Հեռ.՝  (0212) 233-9415, (0212) 240-3889.

Հիմնուած է 1961ին: Ուսուցչաց Միութեան ջանքերով հաստատուած է Ուսուցչաց Հիմնարկը 1965ին: Միութիւնը իր նպատակներուն հասնելու համար կը գործակցի Ուսուցչաց Հիմնարկին հետ:

Նպատակներն են.
ա) Անդամներուն միջեւ ասպարէզի վերաբերեալ եւ գիտական շփումները ապահովել, կրթական նոր հոսանքներու հետեւելով ձեռք ձգուած նորութիւնները յառաջդիմութիւնները ուսուցիչներուն հաղորդել, պարբերաթերթեր հրատարակել, բանախօսութիւններ, դասընթացքներ կազմակերպել:
բ) Դասագիրքեր, օգնական գիրքեր, մանկական գիրքեր, թարգմանութիւններ եւ ուրիշ գործեր պատրաստել եւ հրատարակել:
գ) Կարօտ ուսուցիչներուն ապահովել նիւթական եւ հոգեկան օգնութիւն: Յաջող աշակերտները ուսուցչական ասպարէզին հետեւելու քաջալերել: Ուսուցիչներուն գիտութիւնը աւելցնել եւ մասնագիտական միջոցներ ապահովել, գամբեր եւ հանգստեան տուներ հիմնել, պտոյտներ կազմակերպել: