ԹՕՓԳԱԲԸԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

topkapiԹօփգաբըի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի, 28 Հոկտեմբեր 2013, Հինգշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի անդամները յայտնեցին, որ Թօփգաբըի Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուէր 7 Դեկտեմբեր 2013, Շաբաթ օր։ Իսկ 8 Դեկտեմբեր 2013, Կիրակի, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ պիտի մատուցուէր Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ եւ պիտի կատարուէր մատաղօրհնութիւն, որմէ յետոյ Պէզճեան սրահին մէջ պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանին։ Այցելուները, կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց թաղային խորհուրդի անդամները, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։