ԹՕՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի, եւ Խորհուրդի Ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըի 04 Դեկտեմբեր 2019, Չորեքշաբթի ժամը՝ 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

 

Անոնք Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու իրենց աւանդական մատաղօրհնութեան, որ պիտի կայանայ 15 Դեկտեմբեր 2019 Կիրակի՝ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

2019 TOPKAPI MADAGH

Անոնք Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը տեղեակ պահեցին նաեւ Եկեղեցւոյ եւ Լեւոն-Վարդուհեան Վարժարանի հետ առնչուած զանազան հարցերու մասին։

 

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան եւ փոխանցուած տեղեկութեանց համար։ Ան գնահատեց իրենց ծառայութիւնը  ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց։