ԹՕՓԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՓԱԿԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ՅԵՏՍ ԿՈՉԵՑԻՆ

Kategori: Համայնքային

Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ թաղայինխորհուրդի անդամներ` Նուպար Թումայեան, ՅակոբՈւզունօղուլլարը, Կարօ Քիւրքճիւկիլ, Լեւոն-Վարդուհեան Վարժարանի Տնօրէն` Անի Աքշէհիրլի,հիմնադիր` Տքթ. Եդուարդ Հարբութ փափաք յայտնեցիններկայանալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ 4 Ապրիլ,Երկուշաբթի ժամը 15.00-ին ընդունուեցան ՆորինԱմենապատուութեան գրասենեակին մէջ։ ԹաղայինԽորհուրդի անդամները Ամենապատիւ Տիրոջհաղորդեցին, թէ թաղային խորհուրդի ատենապետ`Մկրտիչ Աւետիքեան խորհուրդէն անկախաբար տուածիր մամլոյ հաղորդագրութեան պատճառաւ հրաժարածէր իր պաշտօնէն եւ թաղային խորհուրդիանդամակցութենէն։ Ներկաները ՆորինԱմենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին, որընդառաջելով Թաղային Խորռհուրդի առաջարկին, 8 եւ16 Մարտ 2005 թուականներուն երկու ժողով գումարածէր Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ մասնակցութեամբստանպուլահայ վարժարաններու ներկայացուցիչներունեւ բարերարներուն, որոնք ճիշդ գտած էին թաղայինխորհուրդի 22 Փետրուար 2005 թուակիր` ԹօփգափուիԼեւոն Վարդուհեան վարժարանը փակելու որոշումը։

Այնուհանդերձ ներկաները Նորին Ամենապատուութեանտեղեկացուցին, թէ Թօփգաբուի Լեւոն-ՎարդուհեանՎարժարանի նախկին սաները եւ որոշ բարերարներպատրաստակամութիւն յայտնած էին վարժարանիտարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու։ ՈւստիԹաղային Խորհուրդը յետս կը կոչէր վարժարանըփակելու իր որոշումը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ըսաւ, թէ ՊատրիարքականԱթոռը բնականաբար չէր փափաքերհամայնքապատկան հաստատութիւններէն որեւէ մէկունփակուիլը եւ գոհունակութիւն յայտնեց վերջինզարգացումի կապակցութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթեցբոլոր նախաձեռնողներուն։