ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԻ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ

Kategori: Համայնքային

jamanakԻնչպէս ծանօթ է, Ժամանակ Օրաթերթը, կը շարունակէ տօնել իր 100-ամեակը զանազան հանդիսութիւններով։ 100-ամեակի կարգադիր յանձնախումբէն անդամներ, գլխաւորութեամբ օրաթերթի աւագ խմբագիր Արա Գօչունեանի, 05 Սեպտեմբեր 2013, Հինգշաբթի, ժամը 15.30-ին այցելութիւն տուին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները, յայտնեցին որ 100-ամեակի տօնակատարութեանց սեմին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնն ու օրհնութիւնը խնդրած էին։ Յետագային կատարուած էին զանազան հանդիսութիւններ։ Ի վերջոյ հանդիսութիւնները կը հասնէին իրենց աւարտին։ Աւարտման այս փուլին եւս կը փափաքէին ստանալ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնն ու Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը։ Մշակուած ծրագրին համաձայն հանդիսութիւնները վերջ պիտի գտնեն պաշտօնական ընթրիքով եւ ցուցադրելի վաւերագրական ժապաւէնով մը, որ պիտի ներկայացնէ Ժամանակ Օրաթերթին գործունէութիւնը։

Նորին Սրբազնութիւնը, իր գոհունակութիւնը յայտնեց 100-ամեակի շրջանին կատարուած հանդիսութինւններու նկատմամբ։ Յոյս յայտնեց որ, նոյն եռանդով շարունակուի թերթի գործունէութիւնը։ Յաջողութիւն մաղթեց իրենց աշխատութեանց մէջ։