ԺԴ. ԴԱՐՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՆՔԻ ՀԵՏՔԵՐ ՂՐՂԸԶՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Կարճ լուրեր

178Ըստ ռուսական զանգուածային լրատուութեան գործակալութիւններուն, Ղրղըզստանի Սլաւոնական Համալսարանէն հնէաբաններու խումբ մը Իսիկ-Կուլ լճի ափին միջնադարեան վանքի մը հետքերը յայտնաբերեցին։
179
Խումբի ղեկավար՝ Աղեքսանտր  Քամիշէվ յայտարարած է. §Մետաքսի Ճանապարհով ճամբորդող Վենետիկցի առեւտրականներու կողմէ գործածուած Կատալոնեան Քարտէզին մասին լսեր էինք արդէն։ Քարտէզին մէջ նշուած է, որ Իսիկ-կուլ լճի ափին Հայոց Վանք մը կը գտնուի , որուն մէջ պահուած են Ս. Մատթէոս Առաքեալի նշխարները։¦ Քամիշէվի համաձայն վանքը կառուցուած էր ԺԴ. Դարուն եւ ունէր 30 խուց։