«Ժպիտ» Մանկական Հանդէս Ուսուցչաց Հիմնարկի

(Zafer Sok. No: 11-13/2, 34371 Pangaltı)
Հեռ.՝ (0212) 233-9415
Ֆաքս՝ (0212) 231 6536
Ել-նամակ՝ jbid@teaov.org , jbid.amsatert@gmail.com
Կայքէջ՝ http://www.teaov.org/

1991ին խումբ մը մայրենի լեզուի սիրահար անձեր, նախկին ուսուցչուհիներ հաւաքուեցան Ուսուցչաց Հիմնարկի երդիքին տակ եւ որոշեցին մանկական ամսաթերթ մը հրատարակել, նկատի ունենալով որ 1950-ական թուականներուն կը հրատարակուէր Ատրինէ Տատրեանի եւ Բագարատ Թեւեանի խմբագրութեամբ «Պարտէզ» մանկաթերթը եւ աւելի վերջ ալ Ուսուցչաց Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ եւ Տքթ. Շահնուր Շահինէրի գլխաւորութեամբ հրատարակուեցաւ «Գարուն» ամսաթերթը (1969-1990 թուականներու միջեւ)։ Այսպէսով Դեկտեմբեր 1991ին սկսաւ հրատարակուիլ «Ժպիտ»ը։ Այդ տարիներուն խմբագրական կազմը կը բաղկանար Սաթենիկ Ուսթա (Պատասխանատու Տնօրէն), Աննա Թուրայ, Արմենուհի Պալամեան, Զարուհի Էլակէօզ, Ժագլին Էրմէն, Յասմիկ Ճինկէօզ, Սիլվա Կոմիկեան եւ Ժպիտ Պէրպէրեան (նկարազարդերով)։

Ժպիտի հրատարակութեան նպատակն է տղաքը ընթերցասիրութեան եւ Հայերէն գիրք կարդալու մղել, խմբագրական կազմը կը ջանայ Ժպիտի պարունակութեամբ տղոց հոգիներուն մէջ ներմուծել ազգայինը եւ տոհմիկը, միաժամանակ ծանօթութիւններ տալով մեր տօնական օրերուն եւ աւանդութիւններուն մասին։

Ժպիտի էջերուն մէջ կարելի է գտնել սիրուն պատմութիւններ, զանազան խաղեր, հանելուկներ այժմէական գիտելիքներ, պատմական ծանօթութիւններ։ Ժպիտի հիմնարկութեան տասնամեակի եւ քսանամեակի առթիւ կազմակերպուեցան մանկական խրախճանքներ Գումգաբուի Գազազ Ամիրա սրահին մէջ։ Այս խրախճանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին մեր բոլոր ազգային վարժարաններու աշակերտները եւ ժպիտի բաժանորդները։

Ժպիտը կ՚ուղարկուի արտասահմանի բաժանորդներուն, զանազան վարժարաններու, մշակութային կեդրոններու եւ առաջնորդարաններու։ Ժպիտի հրատարակութիւնը գնահատանքի արժանացած է բոլորին կողմէ։ Առաջին թիւէն մինչեւ այսօր խմբագրական կազմը ոչ արհեստավարժ անձերէ կազմուած է որոնք սիրայօժար նուիրումով կը կատարեն այս գործը։ Ժպիտը այսօր ունի 4 հաւաքածոներ եւ խտասալիկ մը (Մուլտֆիլմներ եւ Քարաօքէներ), որոնք սիրով փափաքողներուն տրամադրութեան տակ կը դրուին։