ԻԶՄԻՐԻ ՄԷՋ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Միջեկեղեցական

Իզմիրի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ նորանշանակ վիճակաւոր Հայր Լորէնզօ Փիրէթթօ, 19 Դետկեմբեր 2015, Շաբաթ, Իզմիրի Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչ Տաճարին մէջ եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի։ Սոյն արարողութեան մասնակցելու համար Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի, Շաբաթ առաւօտ կը մեկնի Իզմիր։ Նորին Սրբազնութիւնը, կը վերադառնայ նոյն գիշեր։