ԻՅԻ ՓԱՐԹԻԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Նորակազմ «ԻՅԻ» Կուսակցութեան ներկայացուցիչները, 26 Ապրիլ 2018, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

 

Այցելութեան եկած էին Կուսակցութեան Ստանպուլի մասնաճիւղի փոխ նախագահ Եաշար Էօզգան եւ Հաւատոց յանձնախումբի վարիչ Մուրատ Զէյնէլ Ճէյլան, ընկերակցութեամբ Կուսակցականներու, որոնց կարգին էր նաեւ մեր համայնքի անդամներէն Ժիրայր Եշիլպաղճեան։ Ներկայ գտնուեցան նաեւ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհրդոյ մաս մը անդամներ՝ գլխաւորութեամբ Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։

 

Այցելութեան նպատակն էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը տեղեկութիւններ փոխանցել կուսակցութեան մասին։ Անոնք կոչ ուղղեցին նաեւ միութեան ու շեշտեցին երկրի վերելքին համար աշխատելու կարեւորութիւնը։

IYI PARTI 2018

Նորին Սրբազնութիւնը կուսակցութեան անդամներուն յիշեցուց, թէ «Իյի» կուսակցութեան Կուսակցապետն ու գլխաւոր նախագահը անցեալին անհաճոյ արտայայտութիւններ օգտագործած էր Հայ Ժողովուրդի զաւակներուն նկատմամբ։ Ան շեշտեց նաեւ, թէ սոյն գետնի վրայ թարմ է նաեւ հանրային յիշողութիւնը։

 

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը ապա ընդգծեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը եւ Հայ Համայնքը կը գնահատէ այն կուսակցութիւնները, որոնք Երկրի վերելքին կը ծառայեն ու հայրենակիցներուն նկատմամբ խտրականութիւն ցոյց չեն տար։

 

Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։