ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

israil baskonsolosԻսրայէլի աւագ հիւպատոս՝ Մօշէ Քամհի, 29 Օգոստոս 2014, Ուրբաթ, ժամը 10.30-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Մեծայարգ աւագ հիւպատոսը, աւարտելով իր Ստանպուլի պաշտօնավարութեան շրջանը, փափաքած էր հրաժեշտի այցելութիւն տալ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնին։ Նորին Սրբազնութիւնը, յաջողութիւն մաղթեց մեծայարգ աւագ հիւպատոսին, իր յետագայի պաշտօններուն մէջ։