ԻՏԱԼԱԿԱՆ ՃԱՄԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

italyan ogrencilerԻտալիոյ Մօլֆէթթա Ճեմարանի աշակերտներէն խումբ մը, գլխաւորութեամբ Մոնս. Լուիկի Ռէննայի, 22 Յուլիս 2013, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։

Ճեմարանականներ եկած էին քաղաքս, այցելելու համար այլ վայրեր ու Հայերու մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելած էին նաեւ Պատրիարքարան։ Անոնք հարցումներ ուղղեցին Նորին Սրբազնութեան եւ հակիրճ տեղեկութիւններ ստացան Հայ Եկեղեցւոյ մասին։