ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

165155436_1807556456070896_969859820826500297_oՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 24 Մարտ 2021, Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց իրաւաբաններ՝ Սեդրակ Տավութհանն ու Սեպուհ Ասլանկիլը։

Այցելուները, համայնքային հաստատութեանց ընտրութեանց մասին վերջերս տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին Պատրիարք Սրբազան Հօր տեղեկութիւն փոխանցելու համար փութացած էին Գումգաբու։ Ինչպէս ծանօթ է, 2013ին հրապարակուած էր շրջաբերական մը, ըստ որուն փոքրամասնութիւններու ընտրական կանոնադրութիւնը ջնջնուած էր, մինչեւ որ աւելի լաւ ու արդիական կանոնադրութիւն մը պատրաստուի։ Հետեւաբար 2013էն ի վեր փոքրամասնութիւններ իրենց վաքըֆներէ ներս ընտրութիւն կատարելու հնարաւորութիւնը չունէին։ Նոյն շրջագիծով, մեր համայնքային հաստատութիւնները եւս ընտրութիւն կատարելու ի վիճակի չէին։ Այս պատճառաւ, մօտ 8 տարիէ ի վեր վարչական կազմեր, կամայ եւ ակամայ կը շարունակէին իրենց վարչական պաշտօնները։

Վերջերս Անգարայի 7րդ Վարչական ատեանը վճիռ արձակած էր, որով չեղեալ յայտարարուեցաւ այն շրջաբերականը, զոր նոր ընտրութեան հնարաւորութիւն չէր տար։ Իրաւաբանները յայտնեցին թէ, Անգարայի 7րդ Վարչական ատեանին մօտ խնդրոյ առարկայ շրջաբերականներուն դէմ դատերը իրենք բացած էին։ Անոնք յայտնեցին թէ հետեւողական երկարատեւ աշխատութեան որպէս հետեւանք, այսօր համայնքային կեանքէ ներս նոր շրջան մը պիտի սկսէր, քանի այլեւս նոր ընտրութիւններ կատարելու համար պայմանները թոյլատու էին։ Անոնք յայտնեցին թէ, այլեւս ընտրութեան ճանապարհը բացուած է եւ վարչական կազմերուն կը մնար ընտրութիւն կատարելու պատասխանատուութիւնը։ Անոնք Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին դատական գործընթացին մասին։

Մեր Հոգեւոր Պետը ուրախութեամբ ողջունեց Սեդրակ Տավութհանի եւ Սեպուհ Ասլանկիլի նախաձեռնութիւնը։ Այս առիթով յայտնեց, թէ համայնքը երկար տարիներ կը սպասէր այս հնարաւորութիւնը կրկին ձեռք ձգելու։ Ներկայ իրավիճակը ցարդ թէ՛ վարչայիններու մօտ եւ թէ ժողովուրդի մօտ նեղութիւններու դուռ բացած էր։ Վարչայիններէն ոմանք յոգնած ըլլալով, ոմանք ալ այլեւս նոր վարչայիններուն տեղ տալու տրամադրութեամբ կը սպասէին նոր ընտրութեան իրականացման։ Վերջերս տեղի ունեցած դատական վճիռը, այս տեսակէտէ շատ արժէքաւոր զարգացում մըն էր։ Պատրիարք Հայրը յոյս յայտնեց, որ վարչական կազմեր եւս լաւ օգտագործեն այս զարգացումը եւ ի մօտոյ ձեռնարկեն ընտրութեանց ու ժողովուրդը իր կամքը յայտնելու առիթն ունենայ։ Մեր Հոգեւոր Պետը, այս առիթով շնորհաւորեց ներկաները եւ իրենց ծառայութիւնը ու մաղթեց, որ այս զարգացումը ապագայի նկատմամբ յոյս ներշնչէ մեր համայնքի զաւակներուն։